2016-09-13 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ` նահատակ Հայր Համելի յիշատակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբեր 2016-ի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, առաւօտեան ժամը եօթին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ պատարագը կը մատուցէ անցեալ 26 Յուլիսին Ֆրանսայի Ռուէն քաղաքին մէջ վայրագ օրէն սպաննուած` Հայր Ժաք Համելի յիշատակին, առ ի մօտիկութեան արտայայտութիւն նահատակ քահանային ընտանիքին եւ Ռուէնի համայն հասարակութեան։

Ռուէնի թեմէն 80 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Ռուէնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմինք Լէ Պրէնի իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վերոնշեալ հոգեհանգստեան արարողութեան։ Սոյն կը հաղորդէ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Կրէկ Պուրքը հաստատելով թէ սրբազան արարողութիւնը պիտի սփռուի Վատիկանի CTV հեռուստակայանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.